«ՄԻԱՅՆ ԳՈՐԾՆ Է ԱՆՄԱՀ»

Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 7։30-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտութիւնը, ուսուցչական կազմն ու պաշտօնէութիւնը հաւաքուեցան բակը, ուր դպրոցի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան պաշտօնապէս գուժեց Ճեմարանի գլխաւոր բարերարներէն Հայկ Արսլանեանի մահը, որ պատահած էր Կիրակի 16 Հոկտեմբերին։ Տնօրէնը անդրադարձաւ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեաններու ազգանուէր գործին։ Անոնք աւելի քան 1 միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրելով կենդանի դարձուցին Ճեմարանի այժմու կառոյցը՝ իրենց յաւերժական դրոշմը դնելով սերունդներու դաստիարակութեան ու հայապահպանման առաքելութեան մէջ։ Տնօրէնը ըսաւ. «Հարուստ էին անոնք. բայց նաեւ՝ հոգիով հարուստ, որովհետեւ մեծ գոհունակութեամբ կատարեցին իրենց ազնիւ նուիրատուութիւնը։ Հայկ Արսլանեան գործադրեց իր եղբօր՝ Մելանքթոնի (մահացած 1986-ին) խոստումը, եւ այսօր ինչպէս բանաստեղծը կ՚ըսէ՝ «Միայն գործն է անմահ», կ՚անմահանայ անոնց անունը։ Մենք թէեւ ձեւով մը որբի զգացումը կ՚ապրինք այսօր մեր բարերարներուն՝ նախ Մելանքթոնին, ապա Հայկին մահով, բայց ամէն օր պիտի յիշենք զիրենք, որովհետեւ Ճեմարանը տակաւին երկար տարիներ պիտի գոյատեւէ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» անունը կրելով»։ Տնօրէնին խօսքէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Հայկ Արսլանեանին, որուն թաղումը պիտի կատարուի Շաբաթ 22 Հոկտեմբերին Պելճիքայի մէջ։