Մեր Բոլորիս Դուն Ուխտավայր…

Իննսուն տարիներ առաջ, Պէյրութի Քանթարի թաղին մէջ, կը հիմնուէր Համազգայինի Հայ Ճեմարանը, Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Գասպար Իփէկեանի գլխաւորութեամբ, հայեցի դաստիարակութիւն տալու համար Լիբանան հաստատուած արեւմտահայութեան բեկորին։

1935-ին, Ճեմարանի առաջին հունձքը կը բաղկանայ ութ շրջանաւարտներէ, սակայն  տարիներու ընթացքին աշակերտութեան թիւը բազմանալով, դպրոցը կը ստիպուի տեղափոխուիլ երկու անգամ, նախ՝ հրեաներուն թաղը, ապա՝ Զոքաք Էլ Պլաթի, մեծ հողամասի մը վրայ գտնուուղ ֆրանսական ծովակալութեան շէնքը։ Այնուհետեւ, դպրոցը կը փոխէ իր անունը, եւ կը դառնայ՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարան, որուն պաշտօնական բացումը տեղի կ՚ունենայ 1950-ին։

Լեւոն Շանթէն ետք, 1951-ին Սիմոն Վրացեանը, Հայաստանի Ա հանրապետութեան չորրորդ վարչապետը,  կը դառնայ տնօրէն, մինչեւ իր մահը, 1969-ին։ Տարիներու ընթացքին, կը կառուցուին թիւ 2, եւ 3 շէնքերը։ Հետագային համալիրը կ՚օժտուի Վասպուրական սրահով, գիտական տարրալուծարանով, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարանով եւ գրախանութով։

Բախտաւորութիւն ունեցած եմ յաճախելու «Հայ դպրութեան ջահակիր» այս հաստատութիւնը ծիլ դասարանէն մինչեւ աւարտական։ Յիսուն տարիներ անցած են այդ օրէն, երբ մեր 11-րդ դասարանի 17 աշակերտները հրաժեշտ տուին մեր դպրոցին, ամէն մէկը կեանքի ասպարէզ կամ համալսարան մտնելով։ Այսօր, երբ ետ կը նայիմ, եւ կը վերյիշեմ դպրոցական ուրախ այդ օրերը, կ՚ուզեմ նաեւ հասկնալ թէ ի՞նչ էր Ճեմարանի գաղտնիքը, որ մեզի համար դարձած էր, հարազատ երկրորդ տուն մը, «անսասան տաճար» մը։

Ճեմարանի առաքելութիւնը նախ մարդ պատրաստել էր, ապա՝ հայ մարդը, որ ապագային պիտի ծառայէր հայութեան եւ հայրենիքին։ Ճեմարանի «հարազատ յարկին ներքեւ սիրական», շօշափելի էր Շանթի, Աղբալեանի եւ Վրացեանի շունչը, եւ հայկական ոգին։ Պիտի փորձեմ այս յօդուածով անդրադառնալ, կարգ մը թանկագին յիշատակներուս։

2012 թուականին, երբ Ճեմարան այցելեցի, տեսնուեցայ ինծի ծանօթ բարեկամներուս եւ ուսուցիչներուս։ Ուսուցիչներէն քիչերը տակաւին հոն էին։ Օրիորդ Ալիս Գազանճեանը, որ նախակրթարանի մեր թուաբանութեան ուսուցչուհին էր, զիս յիշեց։ Շատ  ուրախացաւ, երբ իրեն պատմեցի, թէ ինչպէ՛ս աղջկաս սորվեցուցած էի երեքի կանոնը, նոյն ձեւով, որ ինք տարիներ առաջ մեզի բացատրած էր։ Կարգ մը բաներ ընդմիշտ հետդ կը մնան, նոյնիսկ երբ տասնամեակները անցնին…։

Տեսայ նաեւ իմ սիրելի ուսուցիչ, Ճեմարանի չորրորդ տնօրէն պարոն Տիգրան Ճինպաշեանը։ Եօթներորդ դասարանի մեր երկրաբանութեան ուսուցիչը, որ  հայերէնով գլխաւոր մետաղներու անունները, եւ բրածոներու տեսակները մեզի ծանօթացուց։ Մտերիմ ընկերոջս հետ, ցանկ մը պատրաստեցինք թուելով այն մետաղներր, որոնք կը գտնուէին մեր տուներուն մէջ։ Դեռ այդ ցանկը քովս է…Հետագային, 12-րդ դասարանիս, պարոն Ճինպաշեանը մեր թուաբանութեան ուսուցիչն էր։ Շնորհիւ իրեն բծախնդիր դասաւանդութեան, ուսողութեան հանդէպ սէրը մէջս արթնցաւ, եւ ապագային շատ օգտակար եղաւ համալսարանին մէջ։

Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, մեր ուսուցչական կազմէն քիչերը դեռ ողջ էին։ Օրիորդ Ալիսին հետ խօսելու ատեն վերյիշեցինք պարոն Գառնիկ Բանեանը, որ մեր հայերէնի ուսուցիչն էր, նոյնպէս՝ Ճեմարանի փոխ տնօրէններէն մէկը։ Բարի,  «պապա» մարդ էր, շատ չէր պոռար մեր վրան, եւ գիտէր աշակերտին հետ վարուելու ձեւը։ Տարիներ ետք, երբ կարդացի իր «Յուշեր Մանկութեան Եւ Որբութեան» գիրքը, այն ատեն ըմբռնեցի, թէ ինչքան դժուար մանկութիւն ապրած էր։ Հակառակ այդ բոլորին, բնաւ չէր յուսահասած, եւ ջանք չէր խնայեր ապագայ առողջ սերունդ պատրաստելու։

Պարոն Ճինպաշեանին հետ վերյիշեցինք, Ճեմարանի երրորդ տնօրէնին` պարոն Հրաչ Տասնապետեանի դասաւանդած քիմիագիտութեան եւ բնագիտութեան նիւթերը։  Շատ լաւ կը յիշեմ դէպք մը, որ յաճախ կը պատահէր տարրալուծարանի մէջ, երբ զանազան նիւթեր իրար խառնելով, երբեմն գարշելի հոտեր կ՚ելլէին, եւ ընկերուհիներս քիթերնին բռնած անդին կը փախէին։ Թերեւս շատերուն ծանօթ են նաեւ, դասարանին մէջ իր նկատողութիւնները, երբ կը մոռնայինք խնդիրի մը լուծումին պատասխանին քով միաւորին չափը տալու (օրինակ լիթր)։ Ան բարկացած կ՚ըսէր՝ «56 cochon de lait?»։ Անշուշտ պէտք էր ըսել 56 լիթր, եւ ոչ միայն 56։

Վստահաբար միւս ուսուցիչներէս ալ յիշատակելի զաւեշտական դրուագներ գիտեմ, եւ անշուշտ միշտ լաւ տպաւորութիւններ ունիմ։ Հոս չեմ կրնար անդրադառնալ իւրաքանչիւր ուսուցիչին, տեղի պատճառով։ Սակայն, անվարան կրնամ ըսել թէ ուսուցիչներուս շատ բան կը պարտիմ, եւ զիրենք իսկապէս կը համարեմ «Առաքեալներ մեծանուն», եւ Ճեմարանը՝ «Գաղափարի իբրեւ տաճար անսասան»։

Եզրափակելու համար, աւելցնեմ, որ ես Ճեմարանի գաղտնիքը կրցայ գտնել, բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի յօրինած քայլերգին մէջ։  Այս 3 տուներուն մէջ արդարացիօրէն կ՚ամփոփուին, Ճեմարանի առաքելութիւնն ու ոգին։

Մեր բոլորիս դուն ուխտավայր, Ճեմարան,

Կու գանք քեզի՝ ծարաւ լոյսի մայրենի,

Քու հարազատ յարկիդ ներքեւ սիրական

Մեր կեանքն ուրախ ու միշ ազատ կը ծաղկի։

Գրոհին դիմաց օտար ու ժանտ հովերուն

Յաղթական բերդ, աւանդատուն հայկազեան,

Քեզ կերտեցին առաքեալներ մեծանուն

Գաղափարի իբրեւ տաճար անսասան։

Հայ դպրութեան դուն ջահակիր ճեմարան,

Հայրենաբաղձ հոգիներուն մեր բոլոր,

Տո՛ւր Մեսրոպի հաւատքին լոյսն իրական

Եւ Փառքն անհուն հայ հանճարին դարաւոր։

Յարգանք ձեր բոլորին եւ վարձքերնիդ կատար։

ՌԱՖՖԻ ՇԽՈՒԿԵԱՆ

1970-ի շրջանաւարտ

Նիւ Ճըրզի