Աշխարհագրութեան դասապահերը ընթացք առին մեծ խանդավառութեամբ: 2024-2025 տարեշրջանի Դ. դասարանի աստղանաւորդները , նախ ուղղուեցան դէպի միլիառաւոր տարիներ առաջ ստեղծուած տիեզերքը, ուր կը գտնուին երկնաքարեր, ասուպներ, Արեգակն ու իր ընտանիքը, որ կը կազմուի ութ մոլորակներէ՝ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրանոս, Նեբթոն. ուսումնասիրեցին արեգակնային դրութիւնը, ապա լաւ ծանօթացան ուղեծիրին եւ ինքնիր վրայ աներեւոյթ առանցքի մը շուրջ դառնալով յառաջացող գնդաձեւ կապոյտ երկիր մոլորակին:
Վերջապէս մեր տիեզերագնացները վերադարձան Ճեմարան եւ ներկայացուցին իրենց խոյզերը:
ՄԵՐ ԱՍՏՂԱՆԱՒՈՐԴՆԵՐԸ
