ՄԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱՇԱԼԻ ՄԱՏՆԵՐԸ

Աշխարհագրութիւնը աշակերտին քննական մտածողութիւնը զարգացնող, հետաքրքրութիւնը արթնցնող դասանիւթ մըն է: Ան կը պարփակէ բնավայրերուն, շրջապատին, մակերեւոյթին եւ երկրագունդին բնակչութեան մասին գիտելիքներ. կը զարգացնէ նաեւ մշակոյթի, միջավայրի եւ շրջապատի ըմբռնումն ու լաւ ծանօթացումը: Աշխարհագրութիւնը կը նպաստէ աշակերտին հաղորդակցութեան, կը բարելաւէ անոր մասնակցութիւնը, առիթ կը ստեղծէ խորհրդակցութեան:
 
Աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտները պատրաստեցին «Աշխարհի քարտէսը»: Անոնք իրենց գծագրութեան ուսուցիչին օգնութեամբ, տախտակի վրայ, նախ գծեցին ցամաքամասերն ու ովկիանոսները: Ապա աշխարհագրութեան ուսուցչուհիին հետ միասին որոշեցին յատկանշական վայրերը, յետոյ իրենց հրաշալի մատներով (ձեռքերով) կտրեցին նկարները եւ վերջապէս զանոնք փակցնելով աւարտեցին այս հսկայական աշխատանքը: