ՄԵՏԱՂԱՇԵՐՏԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԱՐԴԱՆԱԽՇԵՐ ԴՐՈՇՄԵԼՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի ուսանողական արտադասարանային գործունէութեանց բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 22 Մայիս 2024-ին, տեղի ունեցաւ մետաղաշերտերու վրայ հայկական զարդանախշեր դրոշմելու դասընթացք, Հայաստանի Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան  ժողովրդական արուեստներու թանգարանի փոխտնօրէն  Գայիանէ Ասլանեանի եւ գիւմրեցի վարպետ-դարբին Յովհաննէս Մընոյեանի ներկայութեամբ եւ առաջնորդութեամբ: Դասընթացքին մասնակցեցան միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները:  

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի Տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին եւ հայրենի հիւրերուն այս հաճելի ու դաստիարակիչ փորձառութեան համար: