ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2022-ին, մանկապարտէզի կապոյտ դասարանի աշակերտներուն  օրուան բոլոր աշխատանքները կեդրոնացան «Շրջապատս մաքուր կը պահեմ» նիւթին շուրջ: Օրուան նպատակն էր ամրապնդել երեխաներուն մօտ շրջապատի մաքրութեան վերաբերող անհրաժեշտ գիտելիքներ:

Փոքրիկները դպրոց եկան դոյլերով, սպունգներով եւ լաթերով: Դպրոցի ընկերային ծառայող Սիլվա Սողոմոնեան պատմութեան մը ընդմէջէն փոքրիկներուն խօսեցաւ մաքրութեան կարեւորութեան մասին, ապա բոլորը միասին անցան գործնական աշխատանքի: Անոնք մեծ բծախնդրութեամբ մաքրեցին իրենց դասարաններն ու բակը, պատրաստեցին աւելներ եւ օրուան վերջաւորութեան ստացան վկայագիրներ:

Կեցցե՛ն մեր աշխատասէր փոքրիկները: