ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐ

Կիրակի 14 նոյեմբեր 2010-ի առաւօտեան ժամը 9-էն սկսեալ, մեծ թիւով շրջանաւարտներ, աշակերտներ եւ բարեկամներ հաւաքուած էին «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ, մասնակցելու համար Ֆութպոլի, պասքէթպոլի եւ փինկփոնկի մրցումներուն: Յատկանշական էր պասքէթպոլի յաղթական խումբը, որ երկսեռ ըլլալէ անկախ, կը բաղկանար ուսուցիչներէ, ինչպէս նաեւ հին ու նոր շրջանաւարտներէ: Ֆութպոլի աւարտական խաղի աւարտէն ետք, բոլոր յաղթական խումբերն ու փինկփոնկի առաջին երեք դիրքերը գրաւող մարզիկները ստացան համապատասխան մետալներ: