ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐ

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2012-ը յայտարարուեցաւ «Մարզական Օր» Ճեմարանի մէջ։ Մանկամսուրէն մինչեւ Երկրորդական բաժինի աշակերտները եւ դպրոցի անձնակազմին բոլոր անդամները՝ ուսուցիչ, պաշտօնեայ թէ տնօրէն, առաւօտեան դպրոց եկան եռագոյն տարազներով։ Կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն շապիկներուն վրայ զետեղուած Ճեմարանի ջահը մարզական օրուան կու տար ազգային երանգ։ Կարծէք Մայիս ամսուան մեր հայրենիքի յաղթանակները՝ Շուշիի ազատագրումն ու Առաջին հանրապետութեան կերտումը զուգորդուած էին այս գեղեցիկ օրուան հետ։ Մարզական օրուան բացումը կատարուեցաւ Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան սրահին մէջ, ուր Ճեմարանի քայլերգի երգեցողութենէն ետք, տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց աշակերտները եւ ըսաւ. «Սիրելի´ աշակերտներ, երեք տարրեր՝ մարմին, ուղեղ եւ զգացում, մարդ արարածը կը դարձնեն կատարեալ։ Մարզանքով մենք ֆիզիքապէս կը զօրանանք։ Մարզանքը մտածելով կ՚ընենք, հետեւաբար մեր ուղեղը կը զարգանայ։ Իսկ հաւաքական մարզական խաղերու ժամանակ զգացումներ կ՚արթննան մեր մէջ, հետեւաբար մրցակցութեան ոգի մը կը յառաջանայ։ Այս երեքը՝ զօրաւոր մարմին, առողջ միտք եւ առողջ զգացումներ, իրար միացած ու մշակուած՝ կը յառաջացնեն մարզական բարձր ոգի։ Մրցակցութիւնը պէտք է ըլլայ ազնիւ, պէտք է յարգանքով ու ասպետական ոգիով ընդունինք պարտութիւնն ու յաղթանակը եւ ուրախութեամբ զիրար շնորհաւորենք»։ Տնօրէնի խօսքէն ետք, դպրոցի մարզանքի ուսուցչուհի Վարդուկ Մարգարեան օրուան ընթացքին կիրարկուելիք յայտագրին մասին բացատրութիւններ տուաւ աշակերտներուն, ան ըսաւ. «Մրցաշարքերու կը մասնակցինք ամբողջ տարուան ընթացքին, այսօրուանը մրցաշարք չէ, եկած ենք պարզապէս խաղալու ու զուարճանալու»։ Այնուհետեւ մարզական օրը սկսաւ։ Կայքէջի «նկարներ» գլուխին տակ կը գտնէք աշակերտներուն նկարները՝ մարզախաղերուն ընթացքին ։