ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՓԱԿՈՒՄ

Ուրբաթ, 11 Մայիս 2012-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին կիրարկուեցան զանազան մարզախաղեր եւ աշակերտներուն տրամադրուեցան սննդարար ուտելիքներ՝ Ծնողական Խորհուրդին կողմէ պաատրատուած: Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ կողովագնդակի խաղ՝ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն միջեւ, խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Չափազանց դաստիարակիչ այս օրուան փակումը կատարեց տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան: Ան յայտարարեց ամբողջ տարուան ընթացքին Ճեմարանի աշակերտներուն արձանագրած փայլուն արդիւնքները ԼԵՎԱՄի մրցաշարքերուն ընթացքին, ապա տնօրէնութեան կողմէ յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց մարզական այս բոլոր յաջողութիւններուն ետին կանգնած երկար տարիներու մարմնամարզի ուսուցչուհի Վարդուկ Մարգարեանը: Մարզական օրը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով: