ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

Մարզական ներքին մրցաշարքերը սովորութիւն են Ճեմարանէն ներս: Դ. դասարանէն Ը. դասարանի աշակերտներուն պասքէթպոլի ներքին մրցաշարքը աւարտեցաւ Ուրբաթ, 1 Յունիս 2018-ին:

Աւարտական խաղ մը տեղի ունեցաւ յաղթող խումբին եւ պասքէթպոլի նախկին մարզիկներ Վարդուկ Մարգարեանի, Կասիկ Խաչերեանի եւ Միրէյ Աճէմեանի միջեւ: Աշակերտներուն բուռն քաջալերանքը վայելող այս Խաղը աւարտեցաւ նախկին մարզիկներուն յաղթանակով: