ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԵՐԳԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՀԱՄԱՀԱՒԱՔԻՆ

Տարրական եւ նախակրթարան բաժիններէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան Համազգայինի «Կարկաչ» եւ «Այգ» երգչախումբերու վարչութեան կազմակերպած հայ երգի ուսուցման եւ տարածման անդրանիկ համահաւաքին, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական «Քջակ»ի մէջ, Կիրակի, 21 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 8։00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6։00։ Համահաւաքին մասնակցեցան լիբանանահայ գրեթէ բոլոր դպրոցներէն իբրեւ ներկայացուցիչ ղրկուած 119 ձայնեղ աշակերտներ։ Համահաւաքին անդրանիկ հանգրուանը տեղի ունեցած էր Ուրբաթ 12 եւ Շաբաթ 13 Նոյեմբերին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. Գանտահարեան» սրահին մէջ՝ ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի։ Համահաւաքի մասնակից աշակերտները տարիքային երկու խումբի բաժնուած, սորվեցան տասնեակ մը նոր երգեր, որոնց համադրումով Կիրակի երեկոյեան ժամը 5։00-ին մատուցեցին գողտրիկ համերգ մը, որուն ներկայ եղան ծնողներ եւ երաժշտասէրներ։ Համահաւաքի վերջին հանգրուանին եւ համերգին միացան նաեւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերը, որոնք իրենց կարգին կատարեցին երկու խմբերգներ։ Համերգը եզրափակուեցաւ համահաւաքի մասնակիցներու եւ «Կարկաչ»ի խումբերու տեղւոյն վրայ միասնաբար սորված նոր երգի կատարումով։