ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Լիբանանի Ճինիշեան հաստատութիւնը, համագործակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին, 2024-2025 տարեշրջանին համար կը գործադրէ բանավէճի ծրագիր մը, որուն կը մասնակցին լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ: Ճեմարանի Ժ. դասարանի աշակերտուհիներ՝ Էլենա Յովակիմեան եւ Մեղրի Գասապեան, կը մասնակցին այս ծրագիրին, որուն բացման հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր 2024-ին, Լիբանանի Ճինիշեան հաստատութեան կեդրոնին մէջ: Այնուհետեւ յաջորդաբար 16 եւ 23 Նոյեմբերին աշակերտները սորվեցան բանավէճի նիւթեր ընտրելու հմտութիւնները, հրապարակային ելոյթներու ներկայացման ազդեցիկ միջոցները եւ փորձառական նիւթերով հանդէս եկան տարբեր կարծիքներով։