ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԲՈՂՈՔԻ ՀԱՒԱՔԻՆ

Չորեքշաբթի, 24 Նոյեմբերին Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտները հայ երիտասարդներու կողքին բողոքի ցոյցով, պաստառներով եւ պահանջատիրական կարգախօսերով «դիմաւորեցին» Թուրքիոյ վարչապետը։ Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբերին մանկապարտէզի, տարրականի եւ նախակրթարանի աշակերտները արձակուեցան ժամը 11-ին։ Միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները, ուսուցիչներն ու պաշտօնէութիւնը մասնակցեցան Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան առիթով լիբանանահայ համայնքներու եւ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու կազմակերպած բողոքի հաւաքին՝ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին մէջ: