ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ

Մանուկներու իրաւունքներու օրուան առիթով միջնակարգի Թ. դասարանի աշակերտները հայերէնի դասապահուն առանձնայատուկ անդրադարձ մը կատարեցին մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւոր հարցին։

Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքորը» պատմուածքին հատուածը վերլուծելէ ետք՝ աշակերտները զուգահեռներ գծեցին գրական հերոսին ապրած դժուարութիւններուն եւ մեր օրերու ընկերային իրականութեան միջեւ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուց պատկեր մը, որ կը խորհրդանշէր մանուկներու իրաւունքներու ոտնահարումը, ապա բանաւոր խօսքով անդրադարձաւ մեր ընկերութեան մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող անարդարութիւններուն՝ մանուկներու շահագործման, անտեսման, կրթութեան եւ ապահով մանկութեան իրաւունքներու խախտման։

Աշակերտները նաեւ ընդգծեցին միջազգային օրէնքներու եւ համաձայնագիրներու կարեւորութիւնը՝ յատկապէս Մանուկի իրաւունքներու միջազգային համաձայնագիրին դերը։
Այս աշխատանքը առիթ մը եղաւ, որպէսզի աշակերտները ոչ միայն գրական ստեղծագործութեան միջոցով ճանչնան մանուկներու իրաւունքներու արժէքը, այլեւ գիտակցին, որ իւրաքանչիւր մանուկ ունի սիրոյ, հոգատարութեան, կրթութեան եւ ազատ ու ապահով մանկութեան իրաւունք։