ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆԵՐԿԵՑԻՆ ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՀԱՒԿԻԹՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2022-ին, Մանկապարտէզի երեխաները իրենց հետ բերած էին խաշած հաւկիթներ, զորս օրուան ընթացքին գոյն-գոյն ներկեցին իրենց դաստիարակներուն եւ ընկերներուն հետ: Այս աշխատանքէն ետք, Վարդագոյն դասարանի փոքրիկները պարտէզ ելան եւ փնտռեցին Ժանօ նապաստակին պահած հաւկիթները: