ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2016-ին Մանկապարտէզի փոքրիկները կաղանդը տօնեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզին մէջ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ։

Առաւօտեան ժամը 9-ին փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին շքեղօրէն յարդարուած սրահը: Անոնք մեծ հրճուանքով ու խանդավառութեամբ ներկայացուցին երգեր ու պարեր։

Ի վերջոյ ժամանեց Կաղանդ պապան։ Ան բաժնեց նուէրներով լեցուն պարկերը, ապա աշակերտները ուղղուեցան դէպի իրենց դասարանները ստանալու համար նուէրները։