ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԵՒ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2013-ին Մանկապարտէզի եւ Մանկամսուրի փոքրիկները կաղանդը տօնեցին Նորսիկեան Մանկապարտէզին մէջ իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեամբ։ Առաւօտեան ժամը 9-ին փոքրիկները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին շքեղօրէն յարդարուած սրահը: Ուսուցչուհիները պուպրիկներու տարազներով հանդէս եկան եւ աշակերտներուն հետ ներկայացուցին երգեր ու պարեր։ Ի վերջոյ ժամանեց Կաղանդ պապան։ Ան բաժնեց նուէրներով լեցուն պարկերը, ապա աշակերտները ուղղուեցան դէպի իրենց դասարանները ստանալու համար նուէրները։