Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2022-ին, Մանկապարտէզի աշակերտութիւնը նշեց Սուրբ Զատկուան տօնը:
Առաւօտ կանուխ, գոյն-գոյն հագուստներ հագած փոքրիկները իրենց ծնողներուն հետ ժամանեցին մանկապարտէզ, որպէսզի միասնաբար նշեն Զատիկը:
Տօնակատարութեան բացումը կատարեցին իրենց դպրոցական վերջին օրը նշող աւարտական դասարանի աշակերտները, որոնք իրենց մանկութեան ուսուցչուհիներուն հետ ձեռք-ձեռքի տալով՝ պարեցին հայկական շուրջպարը: Ապա, խօսք առաւ մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեանը, որ բարի երթ ու փայլուն օրեր մաղթեց բոլորին: Յայտագիրը շարունակուեցաւ եւ ճոխացաւ Ժանօ նապաստակին եւ աքլորին ժամանումով, որ մեծապէս խանդավառեց փոքրիկները: Անոնք միասնաբար երգեցին ու պարեցին, որմէ ետք երեխաները ուղղուեցան պարտէզ՝ հաւկթախաղ խաղալու եւ իրենց պատրաստած համեղ բոկեղը ճաշակելու:
