ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 5 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէս-վաճառքի եզրափակիչ հանդիսութիւնը եւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հայկական վարժարաններու տնօրէններ, մեծ թիւով ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ: Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի գրատարածի բաժանմունքի պատասխանատու Մարալ Գալեմքերեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հաստատութիւններուն, միութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք սատարեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան, ապա հրաւիրեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը՝ փոխանցելու իր խօսքը: Հաւաթեան շեշտեց, որ հաւաքական ճիգով այսպիսի ձեռնարկներ անպայման կարելի է իրենց յաջող լրումին հասցնել, եւ այդպէս ալ եղաւ: Ան ըսաւ, որ յառաջիկայ տարի այս ծրագիրը պիտի ընդգրկէ այլ մարզեր եւ դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը, բոլոր վարժարաններուն պատասխանատուներուն հետ խորհրդակցաբար պիտի մշակուի ծրագիր մը, որուն գործադրութիւնը պիտի երկարի քանի մը ամիսներու վրայ, իսկ աւարտական մրցանքները տեղի պիտի ունենան մանկապատանեկան գիրքերու ցուցահանդէսի ընթացքին: Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Ճեմարանի տարրական բաժինի երկրորդ դասարանէն Ռուբէն Խաչատուրեան առաջին հանդիսացաւ պատմելու մրցանքին: Հայեցէն ընթերցանութեան մրցանքին՝ նախակրթարանի Դ. դասարանէն Նանի Գալուստեան հանդիսացաւ առաջին: Ե. դասարանէն Արենի Խաչատուրեան հանդիսացաւ առաջին, իսկ Յակոբ Թաշճեան՝ երկրորդ: Զ. դասարանէն առաջին հանդիսացաւ Կալի Խիւտավերտեան, երկրորդ՝ Նարօտ Նորամանեան, երրորդ՝ Ալեքս Կէտիկեան: Ֆրանսերէն ընթերցանութեան մրցանքին, նախակրթարանի Դ. դասարանէն առաջին հանդիսացաւ Դալար Թորգոմեան, երկրորդ՝ Մէյրի Գրիգորեան, երրորդ՝ Արամ Սեւակ Աֆարեան: Ե. դասարանէն Ֆիլիփ Քէչէք հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Շանթ Պոյաճեան՝ երրորդ: Զ. դասարանէն առաջին հանդիսացան Ալիք Մեսրոպեան, երկրորդ՝ Արամ Գէորգեան, երրորդ՝ Սանան Խաչերեան: Առաջին եւ երկրորդ հանդիսացող աշակերտները ստացան նիւթական պարգեւ եւ գնահատագիր, իսկ երրորդ հանդիսացողները՝ գիրք: Կը շնորհաւորենք վերոյիշեալ մրցանքին մասնակցած մեր բոլոր աշակերտները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ գրատարածի տնօրէնութեան այս օգտակար նախաձեռնութեան համար: