Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու շրջուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մէջ, Երեքշաբթի, 15 Մայիս 2018-ին:
Աշակերտները հետաքրքրութեամբ դիտեցին գիրքերը, ապա հարստացուցին իրենց տան գրադարանը՝ գնելով իրենց նախասիրած գիրքերը: