Երկուշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2010-ի առաւօտեան մանկամսուրի փոքրիկները Նորսիկեան մանկապարտէզէն փոխադրակառքով մեկնեցան դէպի «մեծ»երուն դպրոցը։ Փոքրիկները կաղանդի առիթով իրենց պատրաստած ձեռային աշխատանքները նուիրեցին Ճեմարանի տնօրէնութեան ու պաշտօնէութեան եւ անոնց փոխանցեցին Նոր Տարուան համար լաւագոյն բարեմաղթանքները։
ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ…
