ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Ամբողջ տարուան ընթացքին իրագործուող մանկամսուրի ծրագիրը կ’ընդգրկէ թէ՛ ազատ եւ թէ առաջնորդուած խաղեր, ըստ երեխաներու տարիքային խմբաւորումին եւ անոնց պահանջներուն։ Յուլիս ամսուն մանկամսուրի ծրագիրը տարբեր բնոյթ մը կը ստանայ. Երկուշաբթի օրերը երեխաները կ’ամրապնդեն իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները մարզական խաղերու ընթացքին։ Երեքշաբթի օրերը փոքրիկները կը ծանօթանան խոհանոցային աշխատանքին՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելով անուշեղէններու պատրաստութեան։ Չորեքշաբթին ամէնէն սպասուած օրն է. երկու մեծ լողաւազաններու մէջ երեխաները ուրախ ժամանակ կ’անցընեն։ Հինգշաբթի ձեռային աշխատանքի օր է։ Ուրբաթ օրերը փոքրիկները առիթը կ’ունենան հաճելի ժամեր անցընելու բնութեան գիրկը՝ ազատօրէն վազվզելով ու ցատկռտելով դպրոցի պարտէզներուն մէջ։ Մանկամսուրի փոքրիկներուն ամառուան արձակուրդը կը սկսի 31 Յուլիսին: Անոնք դպրոց կը վերադառնան Սեպտեմբերին: