ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Շաբաթ, 30 Մայիս 2015-ին, մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը՝ ներկայութեամբ իրենց մայրերուն ու մեծ մայրերուն: Փոքրիկները իրենց ծնողներուն հետ մայրերու օրուան յատուկ ձեռային աշխատանքները պատրաստելէ ետք, ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր երգ, պար ու նուագ, ապա միասնաբար նախաճաշեցին: Վարդագոյն դասարանի փոքրիկները այս նախաձեռնութենէն ետք, հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի 2014-2015 տարեշրջանին: