ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012-ին, տարրական բաժինի Ա. դասարաններու աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Անոնք երգեցին եւ արտասանեցին երեք լեզուներով։ Իւրաքանչիւր աշակերտ մաղթանք կամ խօսք մը ուղղեց իր մօրը։ Բոլոր մայրերը եւ աշակերտները յուզումի պահ մը ապրեցան։ Մամաները եւ աշակերտները միասին նախաճաշեցին, ապա բաժնուեցան իրարմէ քանի մը ժամ ետք տեսնուելու խոստումով։ Մամաները իրենց հետ տարին երկու գեղեցիկ նուէրներ՝ պատրաստուած իրենց զաւակներուն կողմէ։