ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 17 Մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Նորսիկեան մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու տօնը։ Յիշեալ ժամուն, մամաները ներկայացան իրենց զաւակներուն դասարանները։ Անոնք միասնաբար կատարեցին ձեռային աշխատանք մը եւ պատրաստեցին պտուղի աղցան։ Ապա բոլորը ուղղուեցան ճաշասրահ, ուր աշակերտները մամաներուն նուիրեցին փունջ մը երգ ու արտասանութիւն, որմէ ետք մայր ու զաւակ դէմ դիմաց նստած ճաշակեցին պտուղի աղցանը։