ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ

Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ին, մանկապարտէզի վարդագոյն դասարանի աշակերտները նշեցին մայրերու եւ հայրերու տօնը՝ ներկայութեամբ իրենց ծնողներուն:

Փոքրիկները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր երգ, պար եւ արտասանութիւն, ապա միասնաբար նախաճաշեցին: Անոնք ճաշակեցին հայկական իչն ու «սու-պէօրէկ»ը (ջրածալիկ) եւ մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան դպրոցէն: