ՄԱՅՐԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՏՕՆ

Շաբաթ, 31 Մայիս 2025-ին, Վարդագոյն դասարանի փոքրիկները իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ նշեցին Մայրերու եւ Հայրերու տօնը։
Տօնական այս գեղեցիկ օրուան ընթացքին, փոքրիկները արտայայտեցին իրենց սէրն ու երախտագիտութիւնը՝ ծնողներուն նուիրելով երգեր, խօսքեր, պար եւ նուագ։