«ՄԱՀ ՈՉ ԻՄԱՑԵԱԼ ՄԱՀ Է, ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ»

Չորեքշաբթի, 7 Փետրուար 2024-ին, հայերէնի լեզուի դասանիւթի ծիրէն ներս, Ճեմարան այցելեց Հայր Վիգէն Տալգլըճեան եւ նախակրթարանի Դ. դասարաններու աշակերտներուն ներկայացուց Վարդանանց հերոսամարտի ու Բուն Բարեկենդանի խորհուրդները:

Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բացատրութիւններուն եւ նոր գիտելիքներ ամբարած խոստացան մնալ հայրենասէր ու տէր դառնալ իրենց կտակուած ժառանգին: