Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը գուժէ Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ բարերար, մանկաբոյժ՝
ՏՈՔԹ. ԱՏՐԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆի
մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2024-ին, Երուսաղէմի մէջ:
Տոքթ.Ատրինէ Գարագաշեան ծնած է 1927-ին, Լիբանան: Լեւոն Շանթի տնօրէնութեան շրջանին, շրջանաւարտ դարձած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանէն, որմէ ետք՝ բժշկական համալսարանէն: 1951-էն մինչեւ 1976, իբրեւ բժիշկ աշխատած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ Պաղեստինի մէջ բացուած հիւանդանոցին մէջ: 1976-էն ետք բացած է իր անձնական դարմանատունը, յաճախ ձրիօրէն դարմանելով օգնութեան կարօտ ընտանիքներու զաւակները, անոնց համար դառնալով բարեխնամ մայր մը: Տոքթ. Գարագաշեան սատարած է նաեւ իր դպրոցին՝ Ճեմարանին, որուն մարզամշակութային սրահը իր անունը կը կրէ այսօր:
Ան արժանացած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանին՝ Համազգայինի կրթական հաստատութիւնները հետեւողական կերպով իր գուրգուրանքին առարկայ դարձուցած ըլլալուն համար:
Սփիւռքի նախկին նախարար Հրանուշ Յակոբեան Երուսաղէմի մէջ Ոսկի Մետալով պարգեւատրած է Տոքթ.Ատրինէ Գարագաշեանը՝ մանուկներու պաշտպան բժշկուհին, որ միաժամանակ հայ լեզուի պաշտպանական բանակի զինուոր մըն է: