«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ»

Շաբաթ, 28 Մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 5 Մարտէն ի վեր «Վանայ ձայն»էն սփռուող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանը եւ մրցանակաբաշխութիւնը: 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէ 41 աշակերտներ մասնակցած են այս յայտագիրին։ Առաջին երկու հանգրուանները յաջողութեամբ շրջանցած աշակերտները ձեռնարկի ընթացքին մրցեցան իրարու դէմ։ Դատական կազմը, որ կը բաղկանար երեք անձերէ` Սարգիս Կիրակոսեան, Սեդա Քիլեճեան եւ Արմէն Ապտալեան, ճշդեց մրցանակակիրները։ Ճեմարանի 7-րդ դասարանի աշակերտ` Խիւտաւերտեան Կալի եւ 6-րդ դասարանէն Խաչատուրեան Արենի հանդիսացան առաջին։ Անոնք Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի ձեռամբ ստացան քաղաքապետութեան կողմէ յատկացուած նուէրները` լեփթոփներ, իսկ մասնակից աշակերտները նուէրներ ստացան «Վանայ ձայն»ի կողմէ: