Նախակրթարանի Զ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան ֆրանսերէնի ուսուցչուհիին կազմակերպած «ճիշդ հնչենք» մրցանքին, որ ընթացաւ քանի մը հանգրուաններով: Տիշչէքէնեան Սոֆի, Ժագմագեան Մարի Լին, Տէմիրճեան Վայք, Քուսաօղլի Լոռի, Թահմիզեան Կէրի եւ Նեմշէհրիլեան Ալեք հասան վերջին հանգրուան, որմէ ետք երեք աշակերտներ՝ Քուսաօղլի Լոռի, Թահմիզեան Կէրի եւ Նեմշէհրիլեան Ալեք, անցան կիսաւարտական հանգրուան: Ի վերջոյ, յաղթական հանդիսացաւ Նեմշէհրիլեան Ալեք:
ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ
