Շաբաթ, 7 Յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ հնչենք» աշակերտական մրցում-յայտագիրին 11-րդ տարեշրջանի աւարտական մրցումը եւ մրցանակաբաշխութիւնը:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Ճեմարանի Զ. դասարանի աշակերտ Ալեք Նեմշէհրիլեան հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Է. դասարանէն Վանա Մանուկեան եւ Ը. դասարանէն Մարիա Մարտիկեան հանդիսացան առաջին: