ՃԵՄԱՐԱՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԿՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 17 Ապրիլ 2016-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի դպրոցներու «gymnastique»-ի ախոյեանութիւնը:

Ճեմարանի տարրական բաժինէն Գ. դասարանի աշակերտուհի Նարօտ Կիւրիւնլեան հանդիսացաւ 2007-ի ծնունդներու ախոյեան, իսկ նախակրթարանի Դ. դասարանէն Քրիստ Պարսումեան հանդիսացաւ 2006-ի ծնունդներու ախոյեան:

Կը շնորհաւորենք Նարօտն ու Քրիստը եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթենք իրենց: