Տարրական բաժինի Ա.,Բ.,Գ., դասարաններու աշակերտները Երկուշաբթի, 3 Մարտ 2025-ին, նշեցին իրենց դպրոցին տարեդարձը ուրախ մթնոլորտի մէջ։ Անոնք դիտեցին տեսերիզ մը, ուր աւելի մօտէն ծանօթացան իրենց դպրոցին անցեալին ու ներկային, որմէ ետք մտային խաղերու ընդմէջէն ամրապնդեցին իրենց գիտելիքները։
Աշակերտները նաեւ պատրաստեցին օրուան խորհուրդին վերաբերող էջացոյցեր։
ՃԵՄԱՐԱՆԻ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԻ ՄԷՋ
