ՃԵՄԱՐԱՆԻ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Նախակրթարանի Դ. Ե. Զ. դասարաններու աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ նշեցին դպրոցին 95-րդ տարեդարձը։ Անոնք դիտելէ ետք այդ առիթով պատրաստուած յատուկ տեսերիզ մը, բաժնուեցան խմբակներու եւ սկսան փնտռելու նախապէս պահուած գանձեր դպրոցին տարածքին, որմէ ետք այդ գանձերը քով-քովի բերելով կազմեցին Հայ Ճեմարանին ամբողջական պատմութիւնը։
Յայտագրին աւարտին աշակերտները Տիկ. Շաղիկ Մկրտիչեանին հետ ունեցան մտերմիկ հանդիպում մը , որուն ընթացքին ան պատմեց իր յուշերէն նախ իբրեւ Ճեմարանի աշակերտ, ապա՝ իբրեւ ուսուցչուհի։