ՃԵՄԱՐԱՆԻ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 95-ամեակի տօնակատարութիւններու Հանրային ձեռնարկներու մեկնարկը տրուեցաւ հայրենի ՆԵՄՐԱ խումբի ելոյթով, որ տեղի ունեցաւ 9 Մայիս 2025-ին, աւելի քան 450 հոգիի ներկայութեամբ, Պէյրութի «Օ» ճաշարանին մէջ։ Հայրենի Նեմրա խումբը իր ճոխ երգերով հմայեց ներկաները։ Երիտասարդները ուրախ մթնոլորտի մէջ մտերմիկ պահեր ապրեցան եւ անմոռանալի ժամեր անցուցին։

Շաբաթ, 10 Մայիս 2025-ին, տեղի ունեցաւ «Բաց Դռներ»ու հաւաքը, ներկայութեամբ բարերարներու, բարեկամներու, ծնողներու, շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու եւ անձնակազմի անդամներու: Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «95 տարիներէ ի վեր Ճեմարանը եւ Ճեմարանականը իրենց իւրայատուկ դրոշմը դրած են Լիբանանի մէջ եւ աշխարհի չորս ծագերուն եւ իրենց հաստատուն ներկայութիւնը փաստած են ազգային, հասարակական եւ այլազան մասնագիտական մարզերէ ներս: Երթը կը շարունակուի: Կրթական հաստատութիւն մը կը ներկայացնէ ժողովուրդի մը սիրտը, ժողովուրդի մը տեսլականը եւ ժողովուրդի մը ապագան լուսաւորող փարոսը: Ճեմարանը այդ փարոսն է, որ իր լոյսը 95 տարիներէ ի վեր կը սփռէ ամենուրէք, միշտ ձգտելով լաւագոյն պայմաններու մէջ շարունակել իր առաքելութիւնը՝ կերտել լաւ մարդն ու տիպար հայը: Ճիշդ է, որ կրթական հաստատութեան մը պարագային ուսումնական մարզն ու աշակերտներու ընդհանուր կազմաւորումն են հիմնականները, սակայն դպրոցէն ներս ապահով եւ արհեստավարժ, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ եւ այժմէական միջավայր մը ստեղծելն ալ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ սերունդի մը կազմաւորման մէջ։ Այս պատճառով է, որ հոս հաւաքուած ենք, որովհետեւ կը կը հաւատանք մեր կառոյցներէն ներս բարեգարդման եւ բարեկարգման նման ծրագիրներու կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան»:

Ապա տնօրէնուհին ներկայացուց շինարարական ցարդ իրականացած աշխատանքները.

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ 2024-ի ամրան իրագործուած Ճեմարանի կառոյցի մայր շէնքի եւ մանկապարտէզի տանիքներու ջրաթափանցումի կանխարգիլման շինարարական աշխատանքները: Նոյնանման ծրագիր մը ընթացք առած է մանկամսուրի պարագային եւ շուտով կը շարունակուի եւ կ՛ամբողջանայ:

Աշակերտական ներքին եւ արտաքին ձեռնարկներու, ուսուցչական եւ ծնողական հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ աշխատանոցներու ու դասախօսութիւններու համար դպրոցական կեանքի ամէնէն բանուկ վայրերէն  Պոլեան սրահի վերանորոգութիւնը, որ կատարուեցաւ շնորհիւ Մայիս 2024-ին կայացած Կալա-ընդունելութեան ընթացքին գոյացած գումարին:

Դպրոցին մայր շէնքի գետնայարկի լուացարաններու ամբողջական նորոգութիւնը: Ծրագիրը շարունակելի է ամբողջ կառոյցին մէջ:

Հ.Օ.Մ.-ի Նորսիկեան մանկապարտէզէն ներս կատարուած աշխատանքներ.

«Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեան» պարտէզի բարեզարդման բարերարներ Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեաններու բարերարութեամբ 2024-ի ամրան մանկապարտէզի բոլոր լուացարաններու նորոգութիւն:

Մանկապարտէզի դասարաններէն ութ դասարաններու նորոգութիւն, որուն իրագործումը կարելի եղաւ տիկին Սրբուկ Սարգիսեանի եւ տիկին Սելա Թնճուկեանի բարերարութեամբ ի յիշատակ Ճեմարանի երկար տարիներու մարզիչ եւ կարգապահական պատասխանատու պարոն Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի:

Հ.Օ.Մ.-ի Նորսիկեան մանկապարտէզէն ներս Տարեդարձի սենեակ, որ  իրագործուեցաւ բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Զաւէն եւ Դուին Տէր Պետրոսեաններու:

Մանկապարտէզէն ներս կառուցում փոքրիկներու յատուկ չափերով  զոյգ մարզադաշտերու՝ ոտնագնդակի մարզադաշտ եւ կողովագնդակի մարզադաշտ, բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Արա եւ Վարդինէ Գէորգեաններու:

Մանկապարտէզի գոց խաղավայրը օժտուեցաւ նոր մեծ խաղալիկով մը, նուիրատուութեամբ՝ տիկին Կասիա Պոսնոյեան Մահսերեճեանի եւ տիկին Թամար Պոսնոյեան Տէր Պետրոսեան:

Տնօրէնուհին աւելցուց, որ շինարարական իրականացած վերոյիշեալ աշխատանքներուն կողքին, նախորդ տարեշրջանի աւարտին յայտարարուած արեւային վահանակներու զետեղումի աշխատանքը արդէն իսկ ընթացք առած է:

Անդրադառնալով նիւթական աղբիւրներուն, Փաուլա Եղիայեան ըսաւ, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր իրագործած աշխատանքներուն համար յատկացուցած է 235 000 $, իսկ մնացեալ ծրագիրներուն համար կատարուած նուիրատուութիւններուն գումարն է 128 000 $: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, ապա հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն.

Նոր կրպակի եւ ճաշասրահի կառուցում՝ բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեաններուն (ՎՐԷՍՈ հաստատութիւն), Տէր եւ տիկին Ստեփան Տէր Պետրոսեաններուն, Աֆարեան ընտանիքի եւ Ճեմարանի այլ հարազատ բարեկամի մը նուիրատուութիւններով գոյացած գումարներով:

Տարրալուծարանի նորոգութիւն՝ բարերարութեամբ MUREX SERVICES հաստատութեան:

Տարրական բաժինի բակի նորոգութիւն, ինչպէս նաեւ՝ լուացարաններու նորոգութիւններու շարունակութիւն:

Փաուլա Եղիայեանի զեկուցական խօսքէն ետք, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրայր Գէորգեան կարեւորութեամբ շեշտեց շինարարական յարատեւ աշխատանքներու կարեւորութիւնը եւ ըսաւ. «Բնագիտութեան տարրական օրէնքները կը հաստատեն, թէ երբ մարմին մը կանգ կ’առնէ շարժելէն, ան ոչ միայն կը կորսնցնէ յառաջդիմելու իր կարողականութիւնը, այլ ընդհակառակը, ենթակայ կը դառնայ փտելու, եւ փուլ կու գայ իր ծանրութեան տակ»։

Ապա ներկաները շրջեցան Ճեմարանի յարկին տակ եւ մօտէն տեսան իրականացած շինարարական աշխատանքները։ Իւրաքանչիւր ծրագիրի բարերարի ներկայութեամբ բացումը կատարուեցաւ նշեալ բաժինին։ Ապա ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի «Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեան» պարտէզին մէջ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որ պատրաստուած էր Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրի խոհանոցի անձնակազմին կողմէ։