Շաբաթ, 6 Փետրուար 2010-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին ընտրութիւնը: Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ յիշեալ կոմիտէին անդամ ընտրուեցաւ Ճեմարանի շրջանաւարտներէն Վաչէ Ծատուրեան, որ ներկայիս Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահն է: Վաչէ Ծատուրեան ՀՄԸՄ-ի ճամբով լիբանանահայ գաղութի ներկայացուցիչն է նորընտիր կոմիտէին մէջ: Վաչէն միաժամանակ ուսուցիչ է Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի երկրորդական բաժնին մէջ, ուր ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն կը դասաւանդէ Իմաստասիրութիւն եւ Քաղաքակրթութիւններ: Յաջողութիւն կը մաղթենք Վաչէ Ծատուրեանին:
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ ՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՆԴԱՄ
