Երկուշաբթի, 3 Մարտ 2025-ին, Ճեմարանի դասաւանդութիւնները դադրեցան ժամը 11:00-ին: Բոլոր աշակերտները, ուսուցիչները եւ պաշտօնէութիւնը հաւաքուեցան «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահ, ուր նշեցին Ճեմարանի հիմնադրութեան (3 Մարտ, 1930) 95-ամեակը:
Բացման խօսքը հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ընթերցեց աւարտական դասարանէն Հրակ Գէորգեան: Ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան եւ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին ու կարեւորութեան:
Նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները երգեցին «Մենք մանուկներ հայոց ազգին» եւ «Ազգ իմ փառապանծ»: Այնուհետեւ աւարտական դասարանի աշակերտները ջահով բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին Ճեմարանի պատմութիւնը: Ձեռնարկի աւարտին, աւարտական դասարանէն Քրիսթոֆ Մաքտեսեան ընթերցեց ուսուցիչներուն ուղղուած երախտագիտութեան խօսք մը, որմէ ետք աւարտականները ծաղիկներ նուիրեցին ուսուցիչներուն եւ պաշտօնէութեան:
95-ամեակի ձեռնարկը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով: Այնուհետեւ ամբողջ օրուան ընթացքին այս առիթով տեղի ունեցան զանազան նախաձեռնութիւններ: