ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 93-ԱՄԵԱԿ

Հինգշաբթի, 2 Մարտ 2023-ի յետմիջօրէին աւարտական դասարանի աշակերտները Նորսիկեան մանկապարտէզի պարիսպին մէկ բաժինին վրայ ներկեցին գծագրութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանի պատրաստած Ճեմարանի քայլերգին առաջին տողը՝ «Մեր բոլորիս դուն ուխտավար Ճեմարան»-ը: Յաջորդ օրը, առաւօտեան, աւարտականները կանուխ հասան դպրոց եւ մուտքին բաժնեցին թռուցիկներ՝ Ճեմարանի 93-ամեակին առիթով:

Ուրբաթ, 3 Մարտ, 2023-ին տարրական բաժինի բակին մէջ նշուեցաւ Ճեմարանի 93-ամեակը։ Այս առիթով, հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ ծնողական յանձնախումբին կողմէ, ապա խօսք առաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանը։ Աւարտին, բոլորը միասնաբար երգեցին Ճեմարանի քայլերգը, եւ մանկապարտէզի կանաչ դասարաններու փոքրիկները աւարտական դասարանի աշակերտներուն հետ փուչիկներ արձակեցին դէպի երկինք։

Նոյն օրը դպրոցին բոլոր բաժիններուն մէջ կատարուեցան այս առիթով զանազան աշխատանքներ: Տարրական բաժինի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտները գունաւորեցին եւ շրջանակի անցուցին դպրոցին ջահը։ Անոնք այցելեցին դպրոցին մուտքին զետեղուած կիսանդրիները եւ խոստացան միշտ վառ պահել Ճեմարանի ջահը։ Գ. Դ. Ե. դասարաններու աշակերտները լսելէ ետք դպրոցին հիմնադիրներուն մասին օգտաշատ տեղեկութիւնները, փորձեցին կազմել դպրոցին ջահը իրենց տրամադրուած puzzle-ներով։ Միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարաններուն աշակերտները տեղեկութիւններ հաւաքեցին «Հայ Ճեմարան»ի շրջանաւարտներուն մասին։  Աշխատանքները տեղադրուեցան մեծ ցուցատախտակներու եւ «Կենաց ծառ»ին վրայ։ Ցուցատախտակներէն մէկը կը ներկայացնէ հին սերունդը, միւսը՝ 2008-էն ետք, իսկ «Կենաց ծառ»ը ծաղկած է հին եւ նոր սերունդներով։

Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ վերջին պահերը տրամադրուեցան Ճեմարանի պատմութեան: «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, տնօրէնուհին մանրամասնութեամբ ներկայացուց Ճեմարանի պատմութիւնը լսարանականներուն, նախակրթարանի Զ. դասարանի եւ միջնակարգի բոլոր աշակերտներուն, սկսելով համազգայինի հիմնադրութենէն, ապա՝ Հայ Ճեմարանի հիմնադրութիւնը եւ անոր պատմութիւնը, մինչեւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ներկան: