ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 106-ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 27 Մայիս 2024-ին, կէսօրուան ժամը 11:30-ին, Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական միացեալ տօնակատարութիւն, մասնակցութեամբ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Միացեալ վարժարանի, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի եւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի աշակերտներուն, Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդի եւ Ճեմարանի խնամակալութեան ատենապետներուն, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու:

Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեցին Ճեմարանի աշակերտներ Սելին Գիլէճեան եւ Շուշի Գասապեան:

Այնուհետեւ Ճեմարանի աշակերտները ելոյթ ունեցան խմբերգով` «Զինուոր եմ ես փոքրիկ», որմէ ետք Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտները մեկնաբանեցին խմբային ասմունք մը` համադրում («Խաչ եւ Սուր» Արամայիս Սահակեան, «Կարմիր կապոյտ նարնջագոյն» Ժագ Ս. Յակոբեան, «Հայ Դրօշին» Անդրանիկ Ծառուկեան), ապա Ճեմարանի աշակերտները ներկայացուցին նազպար մը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Արազ Գոճայեան: Ապա շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը` խմբերգներով: Ճեմարանը ներկայացուց «Ես եմ» երգը, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանը մեկնաբանեց հայրենասիրական երգերու շարան մը, իսկ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճը` «Զինուորի երդում» երգը: Ապա բեմ հրաւիրուեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան գտնուող ՀՄԸՄ-ի Արցախի  սկաուտները, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, Լիբանան գտնուելնուն համար եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին ջերմ ընդունելութեան համար: Սկաուտները միասնաբար երգեցին «Եկ քինինք Արցախ» երգը:

Ապա ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան, որ աշակերտներուն հետ հաւաքական երգեցողութեամբ ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ:

Աշակերտական հաւաքը փակուեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճի երգչախումբի «Սարդարապատ» յաղթերգի մեկնաբանութեամբ:

«Ազդակ» օրաթերթի թղթակցութեան մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: