Քանի մը տարուան ընդհատումէն ետք, Ճեմարանի աւանդական ընդհանուր պտոյտը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 26 Մայիս 2023-ին, Շպէնիյէ շրջանին մէջ, ներկայութեամբ Ճեմարանի ամբողջ անձնակազմին եւ աշակերտութեան՝ տարրական բաժինէն երկրորդական:
Ամբողջ օրը, բոլորը միասին բնութեան մէջ հաճելի եւ ուրախ ժամանակ անցընելէ ետք, աշակերտները քաղցր յիշատակներով վերադարձան տուն:
