ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՈՒԻՔԻ» ՃԱՄԲԱՐԻՆ

Հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին, կազմակերպութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան, 3 -էն 12 Օգոստոս 2015 տեղի ունեցաւ «Ուիքի» ճամբարը, Զմմառի «Հայր Շելհուպ» կեդրոնին մէջ: Ճեմարանի երկրորդական բաժինէն չորս աշակերտներ՝ Արին Թաշճեան, Բալիկ Ծատուրեան, Յակոբ Թաշճեան եւ Նազօ Քէշիշեան, մասնակցեցան այս նախաձեռնութեան եւ լիբանանահայ այլ վարժարաններէ եկած աշակերտներու կողքին` ընկերակցութեամբ Հայաստանէն «Ուիքի» խմբագրող աշակերտներու, 10 օրերու ընթացքին սորվեցան գործածել «Ուիքիփետիա»-ն եւ խմբագրեցին արեւմտահայերէնով: Ճամբարի աւարտին ընտրուեցան եօթը աշակերտներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 16-25 Օգոստոսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Ուիքի» ճամբարին: Այս խմբակին մաս կը կազմեն Ճեմարանի աշակերտներէն Յակոբ Թաշճեան եւ Նազօ Քէշիշեան: