ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ MUN ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի Թ. եւ Ժ. դասարաններէն խումբ մը աշակերտներ 24 Մարտէն 26 Մարտ 2023-ին մասնակցեցան HUMUN (Haigazian University Model United Nations) ծրագիրին, որուն կը մասնակցէին 310 ուսանողներ 31 դպրոցներէ եւ 7 համալսարաններէ:

Մասնակիցները առիթը ունեցան ուսումնասիրելու MUN-ի աշխատանքները եւ ծրագիրները, թէ ի՛նչպէս երկիրներու պատուիրակները կը ներկայացնեն իրենց պետութիւնները ՄԱԿ-ի ժողովներուն:  

HUMUN-ի ծրագիրը աշակերտներուն միտքը հարստացնող փորձառութիւն մը եղաւ, նպաստեց ինքնավստահութեան մակարդակը բարձրացնելու, հրապարակային խօսք առնելու հմտութիւնը զարգացնելու եւ անոնց առիթը տուաւ վիճելու իրենց ներկայացուցած երկիրներուն հարցերուն մասին: Ծրագիրը նաեւ առիթ եղաւ տարբեր միջավայրերէ եկած ուսանողներու հետ ծանօթութեան: