ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմի վերամուտի ժողովը, վերանորոգուած «Պոլեան» սրահին մէջ:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան անցնող տարեշրջանի իրագործումներուն մասին հակիրճ ակնարկէ մը ետք, անդրադարձաւ 2024-2025 տարեշրջանին վերաբերող փոփոխութիւններուն եւ նորութիւններուն: Ան ողջունեց դպրոցի անձնակազմին միացած ուսուցիչները եւ փոխանցեց Ճեմարանի կրթական համակարգի մասին անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները: Ապա շեշտեց, որ այս տարեշրջանը Ճեմարանի 95-րդ ամեակն է, որ պիտի նշուի տարուան ընթացքին մեծ շուքով եւ տարբեր նախաձեռնութիւններով:

Աւարտին, տնօրէնուհին բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին եւ հրաւիրեց ներկաները կարկանդակի հատումով դիմաւորելու նոր տարեշրջանը: