Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2022-ին, կէսօրուան ժամը 1։00-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմի առաջին ժողովը։
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 2022-2023 տարեշրջանին վերաբերող փոփոխութիւններուն եւ նորութիւններուն: Ան նախ ներկայացուց Ճեմարանի աշակերտութեան թիւի ընդհանուր պատկերը, ապա ողջունեց դպրոցի անձնակազմին միացած ուսուցիչները եւ փոխանցեց անձնակազմին վերաբերող հիմնական փոփոխութիւնները: Ճեմարանի կրթական համակարգի եւ ընթացիկ աշխատանքներու մասին անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները փոխանցելէ ետք, Փաուլա Եղիայեան բարի վերամուտ մաղթեց բոլորին:
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ուսուցչական կազմի ընկերային յանձնախումբին կողմէ:
