Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 11։00-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի առաջին ուսուցչական ժողովը։
Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան բարի վերամուտ մաղթեց ուսուցիչներուն, ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 2019-2020 տարեշրջանին վերաբերող փոփոխութիւններուն եւ նորութիւններուն: Ճեմարանի աշակերտութեան թիւի ընդհանուր պատկերը ներկայացնելէ ետք, ան ողջունեց դպրոցի անձնակազմին միացած ուսուցիչները եւ փոխանցեց անձնակազմին վերաբերող հիմնական փոփոխութիւնները: Փաուլա Եղիայեան 2018-2019 տարեշրջանի պետական քննութիւններուն Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքներու պատկերը ներկայացնելէ ետք, մասնաւորաբար խօսեցաւ ֆրանսական պաքալորէայի բարեփոխուած ծրագիրին մասին, որուն պատճառով դպրոցը իր կարգին կրթական համակարգի պատշաճեցում կատարած է:
Ճեմարանի կրթական համակարգի եւ ընթացիկ աշխատանքներու մասին անհրաժեշտ բոլոր տեղեկութիւնները փոխանցելէ ետք, Փաուլա Եղիայեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ այս տարեշրջանին դպրոցի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով տնօրէնութեան եւ անձնակազմին նախաձեռնութիւններուն:
Ժողովի աւարտին ներկաները յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնները եւ ներկայացուցին զանազան առաջարկներ: