ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի 2022-23 տարեշրջանի պասքեթպոլի եւ անհատական խաղերու մրցումներուն մասնակցեցան մեծ թիւով ճեմարանական մարզիկներ:
Անհատական խաղերու եւ պասքեթպոլի վարժարաններու դասաւորումներուն մէջ Ճեմարանը հանդիսացաւ առաջին՝ ճատրակի, փինկ փոնկի եւ դաշտային խաղերու մէջ:
Պասքէթպոլի մրցաշարքին Ճեմարանը ապահովեց հետեւեալ արդիւնքները.
14 տարեկանէն վար աղջիկները հանդիսացան երրորդ, իսկ տղաքը՝ առաջին:
15 տարեկանէն վեր աղջիկները եւ տղաքը հանդիսացան երկրորդ:
«Լաւագոյն մարզիկ» եւ «լաւագոյն մարզիկուհի» աշակերտներու դասաւորման մէջ, Ճեմարանի աշակերտներուն ապահոված արդիւնքները.
«ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻ».
Ռիթա Մումջօղլեան՝ առաջին, 8 կէտ (Ա. դիրք՝ փինկ փոնկ, Ա. դիրք՝ երկար վազք, Բ. դիրք՝ մէկ քայլ ոստում)
Գլէա Արապաղեան՝ երրորդ, 7 կէտ (Ա. դիրք՝ երկար վազք, Բ. դիրք՝ փինկ փոնկ, Բ. դիրք՝ պասքէթպոլ)
Լոռի Աւետիս՝ չորրորդ, 7 կէտ (Ա. դիրք՝ գունտ, Բ. դիրք՝ կարճ վազք, Բ. դիրք՝ պասքէթպոլ)
«ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՄԱՐԶԻԿ».
Աւօ Օտապաշեան՝ առաջին, 9 կէտ (Ա. դիրք՝ կարճ վազք, Ա. դիրք՝ երկար վազք, Ա. դիրք՝ պասքէթպոլ)
Քրիստոֆ Մաքտէսեան՝ երկրորդ, 8 կէտ (Ա. դիրք՝ մինի ֆութպոլ, Ա. դիրք՝ գունտ, Բ. դիրք՝ պասքէթպոլ)
Նարեկ Բակլայեան՝ երրորդ, 8 կէտ (Ա. դիրք՝ կարճ վազք, Ա. դիրք՝ պասքէթպոլ, Բ. դիրք՝ ճատրակ)
Արէն Պապիկեան՝ չորրորդ, 7 կէտ (Ա. դիրք՝ մինի ֆութպոլ, Ա. դիրք՝ կարճ վազք, Գ. դիրք՝ գունտ)
Վեհ Քրիսթ Հարպոյեան՝ հինգերորդ (Ա. դիրք՝ փինկ փոնկ, Ա. դիրք՝ պասքէթպոլ, Գ. դիրք՝ կարճ վազք)
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ԼԵՎԱՄ-ի 2022-2023 տարեշրջանի, վարժարաններու ընդհանուր արդիւնքներու հիման վրայ Ճեմարանը անգամ մը եւս արժանացաւ ԼԵՎԱՄ-ի վահանին: Վահանակիր վարժարանը մինչեւ յաջորդ տարեշրջան վահանով կը զարդարէ վարժարանը, առ ի պատիւ մարզական պատուաբեր արդիւնքներու:
