Ճեմարանական մը կը գրէ…

Ճեմարանը 1960-ական թուականներուն համբաւաւոր եղաւ ոչ միայն իր հայեցի դաստիարակութեամբ ու ուսումնական յաջողութիւներով,այլեւ իր պասքեթպոլի տղոց եւ աղջիկներու փայլուն խումբերով։

1960-էն քանի մը տարի առաջ՝  Ճեմարանէն ներս յայտնուեցաւ մարզանքի ուսուցիչ մը՝ Պրն. Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան անունով, որ հանրածանօթ էր իր շուէտական մարզանքներու մասնագիտութեամբ եւ կը կազմակերպէր հայկական միջդպրոցական մարզահանդէսներ։

Չափազանց խստապահանջ անձնաւորութիւն մըն էր…մարմնամարզը կեանքի կազմաւորման համար անհրաժեշտութիւն կը նկատէր եւ միջակութիւն չէր ընդուներ։ Պրն. Յովհաննէս մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուց Նշան Փալանճեան Ճեմարանի բակին եւ զբօսանքներու պահերուն՝ Ճեմարանի պասքեթպոլի դաշտի կողովներէն յաւելեալ՝ բակին մէջ հոս-հոն կողովներ հաստատեց եւ գնդակներ տրամադրեց, որպէսզի բոլոր աշակերտները ազատ ժամերուն պասքէթպոլի ընտելանան։ Հաւանաբար յետին նպատակ ունէր ապագայ մարզիկ-մարզիկուհիներ կազմաւորել։

Զբօսանքներու ընթացքին աշակերտութեան նախընտրած խաղը սկսաւ պասքեթպոլը ըլլալ … տղաքը  կը շտապէին բակ ու այդ կարճ զբօսանքի պահուն քանի մը աղջիկ- տղայ փոքր խումբեր կազմելով  քրտնախառն իրարու դէմ կը մրցէին Պրն. Յովհաննէսի գոհունակ հսկողութեան տակ։ Պրն. Յովհաննէս կարծես աշակերտներուն մէջէն կը գտնէր թանկարժէք քարեր եւ կը սկսէր փայլք տալ անոնց, այդպէս կը վարժեցնէր եւ մարզիկներ կը պատրաստէր ան։

Հայկական դպրոցներու մեծամասնութիւնը գիտակից էր, որ մարզանքը անհրաժեշտ ազդակ մըն է աշակերտութեան մարմնին ու մտքին համար, եւ այդպէս դպրոցներու միջեւ պասքեթպոլը կարծես ամէնէն ընդհանրացած մարմնամարզը սկսաւ հանդիսանալ, ուստի միջդպրոցական  մրցումները յաճախակի սկսան ըլլալ։
Ճեմարանէն ներս Պրն. Յովհաննէսի ցանած սերմերը արդիւնք տուին, եւ ան շուտով  յայտնաբերեց փայլուն մարզիկներ եւ կարողացաւ մէջտեղ բերել  1960-ական թուականներու Ճեմարանի աղջիկներու եւ տղոց փայլուն  խումբերը,  որոնք Պէյրութի հայկական եւ արաբական դպրոցներու մէջ առաջնակարգ տեղ գրաւեցին։

Շնորհիւ Պրն. Յովհաննէսին՝ Ճեմարանը դարբնոց մը հանդիսացաւ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ին մարզիկներ ապահովելու աշխատանքին։ Մասնաւորաբար աղջիկները  եկան հարստացնելու աղջիկներու  առաջին խումբը, որ ոչ միայն տարիներ շարունակական ՀՄԸՄ-ի ախոյեանութիւնը ապահովեց, այլեւ մեծամասնութիւնը մաս կազմեց Լիբանանի համալսարանականներու եւ ազգային խումբերուն, որոնք ամէն տարի կը մասնակցէին միջազգային խաղերու։
Պրն. Յովհաննէս Տէր-Յարութիւնեան Ճեմարանի եւ Պէյրութահայութեան մարզական կեանքի առաջնորդներէն մէկը հանդիսացաւ ներշնչելով  եւ մարզելով  շատ մը այլ մարզիչներ։

Նկարին մէջ. ոտքի ձախէն աջ՝
Պրն. Մուշեղ Իշխան (Ճենտերեճեան)
Պրն. Գառնիկ Բանեան
Յասմիկ Սահաճեան
Աստղիկ Թէճիրեան
Սօսի Պաղտասարեան
Սեդա Սաւուլեան
Սրբուկ Օհանեան
Պրն. Յովհանպէս Տէր Յարութիւնեան
Պրն. Կարօ Գազանճեան
Պրն. Անթուան Պուսթանի
նստած՝
Տիրուկ Մնակեան
Սելլա Գահվէճեան