ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ԶԵԿՈՒՑԵՆ ԱՐՑԱԽ ԳՈՐԾՈՒՂՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2011-ին Զաւարեան Ուսանողական Միութենէն Ճեմարանի շրջանաւարտներ Արա Գասապեան, Կարէն Խայեաթ եւ Շողեր Յովհաննէսեան այցելեցին Ճեմարան եւ հանդիպում ունեցան միջնակարգի Ը. եւ Թ. դասարանի աշակերտներուն հետ։ Անոնք զեկուցեցին Արցախի մէջ ԶՈՄ-ի ունեցած նիւթական, շինարարական եւ դաստիարակչական ներդրումին մասին։ Տեսերիզի մը ընդմէջէն աշակերտները տեսան, թէ ի՛նչպէս ԶՈՄ-ականները կազմակերպած են երեք շաբաթուան տեւողութեամբ ամառնային ճամբար Արցախի զանազան գիւղերէն եկած մանուկներու ու պատանիներու համար։ Աշակերտները իրազեկ դարձան իրենց հասակակիցներուն դիմագրաւած զանազան դժուարութիւններուն։ 2004 թուականէն սկսեալ, ամէն ամառ տեղի ունեցող ճամբարին նպատակը հասկնալէ ետք, անոնք նամակներ շարադրեցին Արցախի պատանիներուն։ Հանդիպման աւարտին Արցախ գործուղուած ճեմարանականները պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն։