Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտ Հրակ Ծատուրեան Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու ակումբին կազմակերպած ճատրակի մրցաշարքին հանդիսացաւ երկրորդ՝ 10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ:
Նոյն մարզաձեւին մէջ, յաջողութիւն կը մաղթենք միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտ Հրակ Լախեանին, որ 14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ արաբական երկիրներու ճատրակի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, 26 Յունուարէն 5 Փետրուար 2018: